2014-12-12 11:27:07

Յառաջիկայ Փետրուար 2015ին` Կարդինալական դասի ժողով` Ս. Աթոռի կառավարութեան բարեփոխումներուն համար։


(Ռ.Վ.12 դեկտեմբեր 2014) 'Յառաջիկայ Փետրուար 2015-ին, նախատեսուած Կարդինալական ժողով մը` քննարկելու Եկեղեցւոյ կառավարութեան բարեփոխումներու ընթացքը, որուն պիտի յաջորդէ նոր կարդինալներու ստեղծումի ժողովը'', յայտարարած է Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` Յիսուսեան հայր Լոմպարտին, ընդգծելով որ Եկեղեցւոյ կառավարութեան բարեփոխումները նախատեսուած են 2016-ին մէջ։
Նախքան կարդինալական դասի ժողովին, Քահանայապետին անմիջական խորհրդատու 9 Կարդինալները կրկին պիտի հաւաքուին 9-11 Փետրուար 2015, կարդինալական դասին ներկայացնելու համար իրենց աշխատանքներուն արդիւնքները։ Այդ ժողովին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը պիտի անուանէ նուազագոյն 10 նոր կարդինալներ։
Քահանայապետին անմիջական խորհրդատու 9 կարդինալները վերջերս Վատիկանի մէջ գումարած էին իրենց հերթական ժողովը քննարկելու համար Ս. Աթոռի կառավարութեան վերատեսութիւնը։ Նշենք որ 9 կարդինալները իրենց նախավերջին ժողովին անսացին տնտեսութեան խորհուրդի փոխ-համադրող` Մալթացի տնտեսագէտ Ժոզէֆ Զահրայի զեկոյցին, եւ սերտեցին անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնախումբի 9 անդամներու թեկնածութիւնը։ Վերոյիշեալ յանձնախումբը հաստատուած է անցեալ մարտին ու իր լիանիստ հաւաքը պիտի գումարէ 6-8 փետրուար 2015-ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.